38 իտալացի պատգամավորներ հայ գերիներին ազատ արձակելու կոչ են արել՝ տեղեկացնում է Tempi-ն։ Իտալիայի կառավարությանը կոչ է արվում պարտավորություն ստանձնել Հայաստանի և Ադրբեջանի հանդեպ տարածաշրջանում խաղաղության համաձայնագրի առնչությամբ և ապահովել դեռևս ադրբեջանական բանտերում պահվողների ազատ արձակումը:               
 

Հնդիկ Պատանիին «Գողցուած» Կեանքը

Հնդիկ Պատանիին «Գողցուած» Կեանքը
29.03.2024 | 21:16
«Գողը ուրիշ բանի համար չի գար, այլ միայն գողնալու եւ սպաննելու ու կորսնցնելու համար։ Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՜լ աւելի կեանք»։
(Աւետարան Ըստ Յովհաննու 10:10)
Փետրուար 2024 ՝ Ճայբուր, Հնդկաստան։
Ճայբուր կը գտնուի Հնդկաստանի Ռաճըսթան նահանգին մէջ։ Այն նստավայրն էր թագաւորական ընտանիքին, որոնք իշխեցին այս շրջանը եւ 1727 թուականին հիմնեցին այս «մանիշակագոյն» քաղաքը։ Այս քաղաքին ճարտարապետութիւնը կը զգլխէ ու կ՚անցնի արուեստի բոլոր ճաշակները եւ հմտութիւնները եւ մինչեւ օրս կը հմայէ աշխարհի տարբեր երկիրներէն այցելուները եւ զբօսաշրջիկները։
Կեցած եմ ճարտարապետական մէկ կոթողին առջեւ, որպէսզի ունենամ յիշատակի նկար մը։ Երբ կը պատրաստուէի նկարուելու, ինծի մօտեցաւ պատանի աղջիկ մը՝ երեւի հազիւ տաս տարեկան։ Ան այն պզտիկներէն է, որ կ՚ապրի փողոցներու մէկ անկիւնը՝ այսպէս ըսուած աղբակոյտերու մէջ։ Նայեցայ անոր դէմքին ու մազերուն, որոնք կ՚արտայայտէին իր ապրած շրջանի վիճակը։ Ու տակաւին ինչ խօսք անոր հագուստները։ Կօշիկ չունէր եւ չեմ ալ գիտէր եթէ գիտէ անոր իմաստը եւ կարեւորութիւնը, երբ իր ոտքի մատները հաւասարած են ու կնճռոտած՝ երբ անընդհատ կը քալէ բոպիկ։
Հնդիկ պատանին ունէր անմեղ աչքեր ու երեսին վրայ տակաւին յստակ է մանկութեան բարի արտայայտութիւնները։ Ձեռքը ունէր քանի մը վարդեր, որ պիտի փորձէ ծախել որպէսզի վաստկի քանի մը ռուբբի։ Ան նայեցաւ ինծի առանց որեւէ մէկ արտայայտութեան։ Ամչկոտութիւն չկար հոն եւ տեսայ իր մանկական աչքերուն մէջ տակաւին ամուր կեցած արժանապատուութիւն մը։ Արժանապատուութիւնը կեանքին։ Ան իր այս վիճակին մէջ՝ եթէ հետս չէր խօսէր, բայց ակներեւ էր իր մէջ կեանքի նկատմամբ կուտակուած իր թախիծը եւ ցաւը։ Մանկութիւնը չապրող այս հնդիկ պատանին որ կեանքը կ՚ուզէր։ Այն կեանքը որ իրմէ գողցուած է։
Շարունակեցի դիտել այս անմեղ հնդիկ մանուկ-պատանին։ Բայց չէ՞ որ ինք ալ իրաւունք ունի ապրելու յար եւ նման շատ մը ուրիշ իրեն տարեկից պզտիկներուն։ Չէ՞ որ արժանապատիւ կեանք մը ունենալը եւ անոր ցանկալը իր ալ իրաւունքն է։
Երեւի մտորումներս իտէալական են։ Իրական կեանքը բոլորովին ուրիշ կարգավիճակի մէջ է։ Աշխարհ այսօր կ՚ապրի անիրաւութիւններու, զրկանքներու, անարդարութիւններու, պատերազմներու ու տակաւին ցեղասպանութիւններու հոլովոյթները, ուր մարդկային արժէքները եւ անոնց հետ կեանքերը կը ոտնակոխուին ու կը բռնաբարուին։ Աշխարհ այս բոլորին ականատես ըլլալով երեւի միայն դիտորդի վիճակ մը ունի՝ առանց բան մը ընելու կամ կարենալ ընելու։ Մարդուն կեանքը, արժանապատուութիւնը՝ իր ամբողջական հասկացողութեան մէջէն, կը գողցուի եւ համաշխարհային համակարգեր անկարող են ետ վերադարձնել այն որ կը գողցուի։
Ճայբուրի մէջ այդ օր կեցած էի այս անմեղ մանուկ-պատանիին քով, որ կը փորձէր իր գողցուած կեանքին բարւոք լուծում մը գտնէր։ Իսկ բարւոք լուծումը։
Քրիստոնէական աստուածաբանութիւնը կու գայ ոչ միայն հակադրուելու գողին, գողցողին ու գողցուածին դէմ, այլ նաեւ փոխարինելու այդ բոլորը եւ նորը տալով՝ Քրիստոս Յիսուսի միջոցաւ, եւ որ կը բացատրուի աւելիի կեանքի իրականութեան մէջէն. «Ես եկայ որ կեանք ունենան եւ ա՜լ աւելի կեանք» (Յովհաննու 10:10)։ Քրիստոսի աշխարհ գալը աննպատակ ու անձնական հաշիւներու համար չեղաւ։ Ան եկաւ որպէսզի տայ եւ ո՜չ թէ առնէ։
Իսկ Քրիստոսի տալը։
Քրիստոս տուաւ իր կեանքը՝ երբ խաչուեցաւ ու մահացաւ, եւ իր յարութեամբ ան հակադրուեցաւ գողին՝ իմա մեղքին դէմ, յաղթեց անոր եւ մարդկութեան տուաւ նոր եւ աւելի կեանք։
«Աւելի» բառին յունարէն արմատը կը բացատրուի որպէս «բէրիսոն», որ կը նշանակէ եւ կը բացատրուի որպէս բարեբեր, անհաշուելի, անսակարկելի բայց նաեւ իրականութիւն մը, որ քանակական տուեալներով կարելի չէ պատկերացնել։ Այս «աւելի»ի կեանքը լեցուն է եւ ամբողջական, որ կուտայ եւ կը շնորհէ ուրախութիւն, երբ նոյնիսկ տխրութիւն կայ չորս դին։ Այս «աւելի» կեանքի հիմքը զօրութիւն է, որ կը լիցքաւորէ մարդկային կեանքը կազմող հոգին ու մարմինը եւ որ հեռու կը պահէ երկչոտութենէ, որուն միջոցաւ անհատը կը դիմագրաւէ կեանքի բոլոր պատուհասները։
«Աւելի»-ի կեանքը չի խօսիր քանակական տուեալներու մասին ո՜չ ալ առողջութիւն պարգեւելու, կամ յաջողութեան հասնելու ու տակաւին դիրքի ու պատիւի։ «Աւելի»-ի կեանքը կը խորհրդանշէ Աստուծոյ պատգամին եւ անոր իմացութեան գիտակցութիւնը, որ բանալին եւ հիմքն է «աւելի»-ի կեանքին։ Այս պատգամը եւ անոր իմացութիւնն է, որ կը տանի մեզի ամբողջական կեանքի այս հասկացողութեան։ «Աւելի»-ի կեանքը, որ ամբողջական սահմանում ունի, կը կեդրոնանայ հոգեւոր արժէքի գիտակցութեան վրայ, որ կը սկսի աշխարհին մէջ ու կը տանի յաւիտենական կեանքի իրականութեան։ Այս բոլորը իրական կը դառնան, երբ մարդը կրնայ ստեղծել Աստուծոյ հետ իր անձնական յարաբերութիւնը։ Այս յարաբերութիւն-կեանքին մէջէն է, որ քրիստոնեան կը մեծնայ ու կը զարգանայ. «Հապա աճեցէք մեր Տէր ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի շնորհքովը ու գիտակցութիւնովը» ( Բ. Թուղթ Պետրոսի 3:18)։
«Աւելի»-ի կեանքը կը փոխէ մարդկային կեանքի նկատմամբ մեր հայեցակէտերը եւ դիտարկումները։ «Աւելի»-ն ունի կարողականութիւններ փոխելու եւ ստեղծելու այն որ գեղեցիկ է, զօրաւոր, արդար եւ որ անընդհատ կը ստեղծագործէ ու կը տքնի՝ նորը շինելու համար։ «Աւելի»-ի կեանքը կու տայ ուժը դէմ դնելու մահուան՝ իմա չարին ու մեղքին, անարդարութեան եւ անիրաւութեան։ Դէմ դնելու գողին ու գողութեան։ Նորը շինելով՝ հոս աշխարհին մէջ, որ կը շարունակուի յաւիտենականութեան հասկացողութեան համար։
Հնդիկ մանուկը կ՚ուզէ ստանալ իրմէ գողցուած կեանքը։
Աշխարհ այսօր եթէ տագնապի մէջ է, քանի իր արժէքի կեանքը ու անոր հասկացողութիւնը գողցուած, սպաննուած եւ կորսուած է։ Եթէ աշխարհ կ՚ուզէ վերագտնել իր արժէքը, կայ Յարութեան իրականութեան շնորհած նոր կեանքը։ Այն կեանքը, որ ինծի, քեզի եւ մեր բոլորին պիտի տայ «աւելին»։ Այն «աւելին» որ պիտի շինէ մեր նոր կեանքերը։
Հնդիկ մանուկը կ՚ուզէ ստանալ իր գողցուած կեանքը։
Աշխարհ կ՚ուզէ վերատիրանալ իր արժէքի կեանքը, որ այսօր գողցուած է։
Եթէ պիտի արժեւորենք Քրիստոսի Յարութիւնը այսօր, այդ պիտի նշանակէ թէ պիտի իւրացնենք եւ կառչինք «աւելի»-ի կեանքին։ «Աւելի»-ի կեանքը, որ նորը պիտի շինէ։
Աշխարհ այսօր պէտք ունի այս ՆՈՐԻՆ։
Այս «աւելի»ի կեանքին ձգտելու եւ անոր միջոցաւ ՆՈՐԸ շինելու միտումով՝ Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց։
Օրհնեալ է Յարութիւնը Քրիստոսի։
Քուէյթ, Մարտ 2024
Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեան
Դիտվել է՝ 2957

Մեկնաբանություններ